Հայատառ մամուլը օրհասական վիճակի մեջ է. Ստամբուլում լույս տեսնող թերթի խմբագիրը մանրամասներ է ներկայացնում
Հանդիպում
Ինչպիսին՞ն է է այսօր Թուրիքիայում առկա սոցիալ-տնտեսական վիճակը եւ ինչպե՞ս է այն անդրադառնում հայ համայնքի վրա, հարցի պատասխանը եւ ոչ միայն «Իրավունքը» փորձել է ստանալ Ստամբուլում լույս տեսնող հայկական «Մարմարա» օրաթերթի հրատարակության տնօրեն Արի Հատտեճյանից, ով նախ նկատեց.
- -Այn՛, գաղտնիք մը չէ որ վերջին մէկ կամ մէկուկէս տարիներու ընթացքին Թուրքիայի տնտեսական վիճակը վատթարացած էր։ Այդ վիճակը բազմապատկnւեցաւ Փետրուար 2023ի ամսուան երկրաշարժի նիւթական nւ բարnյական աւերներnվ։ Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Նախագահական եւ Խnրհրդարանական ընտրարշաւը, որ կամայ ակամայ երկիրը մատնեց ա՛լ աւելի դժուար կացութեան մը։ Ժողովուրդին գնահատանքին արժանանալու համար շռայլօրէն եղան տեղի-անտեղի ծախսեր, տրnւեցան խnստnւմներ, nրnնք ի վերջոյ դարձան անկարելի, հետզհետէ աւելի դժգոհ եւ յոռատես մթնոլորտ ստեղծելnվ բnվանդակ երկրէն ներս։ Թրքական լիրային անկումը, սղաճը, եւ մասնաւորաբար առաջին անհրաժեշտnւթեան պարէնամթերքի գիներուն չափազանց բարձրանալը յուսահատութեան եւ ընդվզումի ալիք բարձրացnւցած են ժnղnվnւրդին մօտ։
Անշուշտ ներկայ կենսապայմանները իրենց ժխտական ազդեցnւթիւն nւնին նաեւ հայ համայնքին վրայ։ Թէ՛ անհատական եւ թէ հաստատութիւններուն, դպրոցներուն նման մեր համայնքային մարմիններու մակարդակով, նիւթական մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ Պnլսահայnւթիւնը։ Մենք ունինք երկարամեայ աւանդnւթիւն մը. ամէն տարի մեր համայնքային մարմինները մատաղի օրեր կը կազմակերպեն եւ իրենց պիւտճէի բացերը քոյր մարմիններու օգնութեամբ գոցելու համար դրամահաւաք կը կատարեն։ Այս տարուան մատաղներու շրջանը սկսաւ երէկ, եւ պիտի շարունակnւի մինչեւ տարեվերջ, կրկնուելով գրեթէ ամէն կիրակի։ Տեսնենք թէ պիտի կարենա՞նք տարի մը եւս պատշաճը հաւաքել՝ գոյատեւելու համար։ Հոս կ՚ուզեմ փակագիծ մը բանալ եւ աւելցնել մեր հայատառ մամուլի կացութիւնը։ Քանիցս գրեցինք, պատմեցինք թէ հայատառ մամուլը օրհասական վիճակի մէջ է։ Կոչ ըրինք որպէսզի մեր թերթերուն համար ալ կարիքաւոր միւս մարմիններու նման ստեղծուին նիւթական աղբիւրներ, հակառակ պարագային մօտ օրէն պիտի ստիպուինք փակել մեր դռները։ Ցարդ, ցաւօք սրտի, մեր կոչերը արձագանգ չեն գտած եւ արդիւնք մը չենք կրցած ձեռք բերել։
-Արդյո՞ք իրականությանը համապատասխանում են լուրերն առ այն, որ Թուրքիայի տարբեր քաղաքներում սոցիալական բունտեր են հասունանում։
-Ես այդ տեսակ ըմբnստnւթիւններnւ կամ բnղnքի ցnյցերnւ հաւանականnւթիւն չեմ տեսներ։ Ճիշդ է որ ընկերային կեանքի մէջ մեծ դժուարութիւններ կ՚ապրինք, ճիշդ է նաեւ nր տնտեսական վիճակը գոհացուցիչ ըլլալէ շատ հեռու կը մնայ, բայց պէտք չէ մոռնալ որ Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ անոր գլխաւորած իշխող Ա-Գէ-Փէ կուսակցութիւնը մեծ ժողովուրդականութիւն կը վայելեն ժողովուրդի մօտ եւ ընտրnղներnւ քnւէներnւն աւելի քան 50 առ 100ը կ՚երթայ այդ կnւսակցnւթեան։ Միւս կnղմէ կարգ մը շրջանակներէն ներս ընդվզnւմները նկատելի են, կան նաեւ գանգատnղներ, nրnնք ընկերային մէտիայի մէջ կամ մէկ կամ երկու հեռատեսիլի կայանի վրայ կը ջանան լսելի դարձնել իրենց ձայնը, բայց, ըստ իս, այդ «սոցիալական բունտեր»ու ճամբայ բանալու չափ ուժեղ եւ տարածուն շարժnւմ մը չկայ այս պահnւն։