100 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ԱՅՍ ՕՐԸ
Արխիվ 12-16
100 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ԱՅՍ ՕՐԸ
«Հայաստան», Սոֆիա, 1915, թիւ 4, մարտի 21
ԵՐԿԻՐ
ՍԵՒ ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ ԶՈՒԼՈՒՄԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ
Վ….. Քաղաք 16 Յունվար
Կառավարական միլիսները մէկ կողմէն եւ քրդական ասպատակային խմբերը միւս կողմէն ամենօրեայ սպառնալիքներ դարձած են մեր շրջանի հայութեան գլխին։ Քրդերը կընդդիմանան զօրք երթալ. կառավարութիւնը չուզեր խիստ միջոցներու դիմել. օգտուելով այդ խորհրդաւոր՝ բայց քրդերու համար շատ հասկանալի բարեացակամութենէն, օրը ցերեկով կը թալլեն հայ գիւղեր…
Կառավարութեան բրօվօքասիոններուն հետեւանքով վրդովուած է ամբողջ նահանգի կեանքը. բաժակը լեցուած է. դեռ գարունը չեկած մեր կացութիւնը կը դառնայ երկիւղալի։ Առանձնապէս թուրք վարիչներու արարքները անհանդուրժելի են. Էլ չենք դիմանար։
ԱՍԼԱՆ
ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆ
ԹՈՒՐՔ ԶՕՐՔԻ ՇԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ջուլֆայէն Մարտ 2-ին հաղորդագրուած հեռ. գործ.–Երեկ ռուս զօրքերը գրաւեցին Դիլմանը, այդ կէտին մօտ գտնուող քրիստոնեայ 20 գիւղերու վիճակը հետեւեալը պարզեց.– Ամեն տեղ կատարեալ աւերածութիւն կը տիրէ. եկեղեցիները, դպրոցները եւ գրադարանները մերկ պատեր կը ներկայացնեն. Բոլոր սուրբերու պատկերները եւ սրբազան առարկաները կոխկռտուած են ցեխի մէջ, պատառոտուած ու ծակոտուած են գնդակներով։ Մէկ քանի եկեղեցիներ գոմերու են վերածուեր։ Սալմաստի գիւղերուն մէջ թափթփուած են թուրքերու եւ քրդերու ձեռքով կատարուած զոհերու դիակները։ Հաֆթուանի բոլոր տղամարդիկ սրի են անցուած. Գիւղի ջրհորներէն մի օրուան մէջ հանուած են 200 դիակներ եւ թաղուած եղբայրական գերեզմանատան մէջ։ Դիակները գազանային սպանութեան հետքեր կը կրեն. Սպաննուած են գլխաւորապէս կացիններով, դաշոյններով եւ բութ զէնքերով եւ այլն։
